image

Չարենցաւանի մէջ՝ պայթում

Չարենցաւանի մէջ՝ պայթում

Յունուարի 15-ին, ժամը 10։01-ին՝ Կոտայքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կենդրոն ահազանգ հասած է, որ Չարենցաւան քաղաքի 3-րդ թաղամասի թիւ 20 շէնքին բնակարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է պայթում։ Այս  մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԻՆ-էն:

 

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ։

Ըստ նախնական տուեալներու, պայթումը տեղի ունեցած է կազի արտահոսքի արդիւնքով:

Պայթումի հետեւանքով, խոհանոցի եւ հիւրասենեակի պատերը ձեւախախտուած են, խոհանոցի կահոյքը՝ վնասուած:

Դէպքի վայր ժամանած բժիշկները տան բնակիչներուն բուժօգնութիւն ցուցաբերած են: Անոնք հիւանդանոց չեն տեղափոխուած: