image

Ցաւալի լուր Պէյրութէն. Ծանր հիւանդութեան հետեւանքով մահացած է Նարինէ Պուլղուրճեանը

  Ցաւալի լուր Պէյրութէն. Ծանր հիւանդութեան հետեւանքով  մահացած է Նարինէ Պուլղուրճեանը

Օրերս  իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ երիտասարդուհի Նարինէ Պուլղուրճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ համացանցէն։

Համալսարանական ուսման տէր Նարինէ Պուլղուրճեան վկայուած էր իբրեւ ճարտարապետ եւ կը գործէր այդ ոլորտէն ներս։

Կը նշուի, որ վերջին տարիներուն աշխատանքի բերումով Լիբանանէն հեռացած Նարինէն  իր ասպարէզին լծուելով  հաստատուած էր Արաբական Ծոցի մէջ։

Ծանր հիւանդութեամբ բռնուած Նարինէն անդուլ պայքար տարած է ու հակառակ բժիշկներու աջակցութեան եւ խնամքին անկարելի եղած է փրկել վերջինիս կեանքը։

Նշենք նաեւ, որ տարիներ առաջ եւ իր համալսարանական ուսման զուգահեռ Նարինէն գրութիւններով հանդէս կու գար Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի էջերէն։

 

 Այս տխուր առթիւ  «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան կը գրէ՝

«Այսօրուան պէս կը յիշեմ, «Ազդակ» եկած էր դեռ 18 տարիքը չթեւակոխած աղջնակ մը, լուր պատրաստելու փորձեր կատարելու համար: Եւ առաջին իսկ փորձերէն աչքի զարկաւ իր հայերէնի լաւ իմացութեամբ, իր կարգ մը փորձերն ալ ես սրբագրած էի: Յետոյ օր մըն ալ, չեմ գիտեր ինչ առիթով, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան ելայ թղթակցութիւն մը պատրաստելու: Աւարտական դասարանէն աղջիկ մը դուրս ելաւ «Ընկեր Ժագ, ընկեր Ժագ» ըսելով: Ետեւս նայեցայ, առաջին հայեացքէն չճանչցայ դպրոցական համազգեստին պատճառով, բայց ինքն էր, այդ աղջնակը, Նարինէ Պուլղուրճեանը: Հետագային «Ազդակ»-ի խմբագրութեան սիրելի մէկ անդամը դարձաւ: Ուսանեցաւ ճարտարապետութիւն, եղաւ խոստմնալից ճարտարապետ մը՝ մտաւորական հակումներով օժտուած: Ես անձնապէս, որքան յաջողեցայ ճանչնալ Նարինէն, իմ վրաս այն տպաւորութիւնը ձգեց, որ իր մեղմաբարոյ եւ անուշիկ ներկայութեամբը ինք իր շուրջ միայն ու միայն դրական եւ գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծած է: Ափսոս, շատ ափսոս, որ դեռ երիտասարդ տարիքին այսպէս հեռացաւ մեզմէ դէպի յաւերժութիւն...»

 

Յիշեցնենք նաեւ, որ Նարինէն հակառակ Լիբանանէն հեռու ըլլալուն յաճախակի կապ կը պահէր իր սիրելի ՝ Էշրէֆիյէի  Հայ Աւետ. Բարձրագոյն վարժարանին հետ ու նաեւ, որպէս դպրոցի վարչութեան անդամ մասնակից ու նեցուկ   կը  դառնար  դպրոցի  ընդհանուր գործունէութեան։