Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տօնոյեան կը գրէ՝
Այս տարի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀՐԱՇՔ-ը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան հնգամեակը: Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Թեմի ծաւալած մարդասիրական առաքելութեան ծիրէն ներս, տասը հազար տոլար ($10,000) յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀՐԱՇՔ-ի պատասխանատուներուն, առ ի գնահատանք անոնց քրիստոնէական, մարդասիրական եւ ժողովրդանուէր գործունէութեան:
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀՐԱՇՔ մէկ երդիքի ներքեւ կը համախմբէ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներ եւ անոնց կը մատուցէ տեսակ-տեսակ ծառայութիւններ, զանոնք արժանացնելով եզակի գուրգուրանքի եւ խնամքի, որոնց այնքա՜ն կարիքը ունին այս փոքրիկները:
Յատկապէս ա՛յս իմաստով արժեւորելով տարուած աշխատանքն ու ցուցաբերուած ուշադրութիւնը այս խումբի տղոց ու աղջիկներուն նկատմամբ, Թորգոմ Եպիսկոպոս Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀՐԱՇՔ-ի առաքելութիւնը որակեց «հրաշք» եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց այս փոքրիկները խնամող ձեռքերուն ու ի գործ դրուած մարդասիրական հիասքանչ ճիգերուն: