image

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին այցը ՝Հաֆէզ Ասատի դամբարան (Լուսանկար)

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին  այցը ՝Հաֆէզ Ասատի դամբարան (Լուսանկար)

 Օրերս  Բերիոյ Թեմի  բարեջան   Առաջնորդ  Գերշ. Մակար  արք. Աշգարեան  մեկնած է  Քըրտահա եւ յարգանքի տուրք մատուցած  Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի շիրիմին։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  ՝«Ռատիօ Երազ»ի      դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Հինգշաբթի, 11 Մայիս, 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան հետ այցելեց Սուրիոյ նախկին նախագահ, հանգուցեալ, Հաֆէզ Ասատի դամբարանը Քրտահա քաղաքին մէջ։   Սրբազանը դիմաւորուեցաւ Պաաս կուսակցութեան Քրտահայի մասնաճիւղի քարտուղար՝ Սամի Ատրայի, մասնաճիւղի ղեկավար մարմնի անդամներէն՝ Իպրահիմ Մախլուֆի, Ուաֆաա Ալ Զահրայի, ինչպէս նաեւ շրջանի տնօրէն ՝ Մաան Իպրահիմի կողմէ:

Սրբազան հայրը ներկաներու ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակներ զետեղեց հանգուցեալ նախագահի շիրիմին եւ աղօթք բարձրացուց Առ Աստուած անոր հոգիի խաղաղութեան  համար: 

Աւարտին, Սրբազան հայրը յիշատակեց Սուրիոյ հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ Ալ Ասատի տարած պայքարի ճանապարհը ու անոր ձեռք բերած նուաճումները: 

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն մաղթելով, որ խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ։