image
Հրատապ լուրեր:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան մասնակցութիւնը բերաւ Մար Աֆրամ վերանորոգուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան մասնակցութիւնը բերաւ Մար Աֆրամ վերանորոգուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգին

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ բարի գալստեան այցելութիւն տուած է Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մար Ակնաթիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին՝ հովուապետական այցելութեամբ Հալէպ ժամանելուն առիթով եւ ներկայ գտնուած Մար Աֆրամ վերանորոգուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն կը քաղէ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝


Շաբաթ, 15 Յունիս 2024-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, քրիստոնեայ համայնքապետերուն հետ բարի գալստեան այցելութիւն տուաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Մար Ակնաթիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին՝ հովուապետական այցելութեամբ Հալէպ ժամանելուն առիթով։

Շաբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը իր մասնակցութիւնը բերաւ Մար Աֆրամ վերանորոգուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերօրհնութեան կարգին եւ այս առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ 

Իսկ Ուրբաթ երեկոյեան, Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Մար Աֆրամ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ ասորիներու գաղթի 100-ամեակին նուիրուած կեդրոնական հանդիսութեան, արուեստագէտներու սենտիքայի հանդիսասրահէն ներս, ուր ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան։

Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Սրբազան Հայրը, Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարքին եւ վերանորոգուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերօրհնութեան առիթով իր ջերմագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց համայնքի ներկայացուցիչներուն, հաստատելով երկու եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական փոխգործակցութեան շարունակականութիւնը։