image

Ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ. Պայտըն յօդուածով մը բացատրած է Մերձ. Արեւելք տալիք այցին նպատակը

Ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ. Պայտըն յօդուածով մը բացատրած է Մերձ. Արեւելք տալիք այցին նպատակը

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն հիմնաւորած է Սէուտական Արաբիա առաջիկայ այցի անհրաժեշտութիւնը՝ ըսելով, որ թագաւորութեան հետ անմիջական փոխգործակցութիւնն անհրաժեշտ է Ռուսաստանը դիմակայելու եւ Չինաստանի հետ մրցակցութեան մէջ յաղթող կողմ ըլլալու համար։ 

Շատ քննադատուած ուղեւորութենէն առաջ Պայտըն իր տեսակէտը ներկայացուցած է «Washington Post»-թերթի համար, ուր ան, ի թիւս այլ բաներու, նշած է, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կ'աշխատին ԱՄՆ վարչակազմի հետ՝ ընդլայնելու նաւթի մատակարարումները համաշխարհային շուկայ եւ իջեցնելու նաւթի գիները:

«Իմ գործը` որպէս նախագահ, մեր երկիրն ամուր եւ անվտանգ պահելն է: Մենք պէտք է հակազդենք ռուսական թշնամանքը, լաւագոյն դիրքի վրայ ըլլանք Չինաստանի հետ մրցակցութեան մէջ յաղթելու համար, աշխատինք աւելի մեծ կայունութեան համար աշխարհի կարեւոր տարածաշրջանին մէջ», - ըսած է Պայտըն:

Անոր խօսքով՝ Սէուտական Արաբիան այն երկիրներէն է, որ կրնայ «ուղղակիօրէն ազդել նման աշխատանքի արդիւնքներու վրայ»։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներու հետ ուրբաթ օր ծրագրուած հանդիպման նպատակ նշած է «ընդհանուր շահերու եւ պարտականութիւններու վրայ հիմնուած ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդումը՝ պահպանելով հաւատարմութիւնն ամերիկեան հիմնարար արժէքներուն»:

Առաջնորդներու շարքին, որոնց հետ Պայտըն պիտի հանդիպի, պիտի ըլլայ թագաժառանգ Մոհամմատ պըն Սալմանը, որ ԱՄՆ-ի կողմէ կը կասկածուի ընդդիմադիր սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըքճիի սպանութեան գործին ներգրաւուածութեան մէջ։