Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կը ծրագրէ պաշտօնապէս ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Թագաւորութիւն կատարած այցելութեան աւարտէն ետք։ Այս մասին կը տեղեկացնէ The Times-ը։
Յետաձգման գլխաւոր պատճառ կը նշուի այն, որ չեն ուզեր, որ Պաղեստինը ճանչնալու հարցը դառնայ գլխաւոր թեմայ Թրամփի եւ Սթարմըրի համատեղ մամլոյ ասուլիսին, որ նախատեսուած է սեպտեմբեր 18-ին։
Պարբերականի աղբիւրներու համաձայն՝ Սթարմըր կը ծրագրէ Պաղեստինը ճանչնալ առաջիկայ հանգստեան օրերուն, մինչեւ քանի մը երկիրներ՝ Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, նոյնը ընեն յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին։
Աւելի վաղ քանի մը երկիրներու կառավարութիւններ, ներառեալ Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գանատա եւ Աւստրալիա, յայտարարած էին, որ Պաղեստինի պետութիւնը պիտի ճանչնան սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին։
Միացեալ Նահանգները մերժած է Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու գաղափարը։