ՀԲԸՄ Հայաստանը կը յայտարարէ «Կին ձեռներէցներ» կրթական, դրամաշնորհային ծրագրի նոր փուլի մեկնարկի մասին՝ նախատեսուած գործող առեւտուրներու համար: Ծրագիրը պիտի նպաստէ մասնակիցներու ձեռնարկատիրական գիտելիքներու եւ հմտութիւններու զարգացման, պիտի օգնէ կատարել շուկայի գրագէտ ուսումնասիրութիւն, մշակել մարքեթինկային ռազմավարութիւն, արդիւնաւէտ կազմակերպել առեւտուրի եւ ֆինանսներու կառավարումը, հասկնալ մրցակցային առաւելութիւնները, պիտի ծանօթացնէ հարկային օրէնսդրութեան։ Մասնակիցները նաեւ պիտի ստանան իրենց առեւտրային ոլորտին յատուկ անհատական խորհրդատուութիւն։
Ծրագրին կրնան դիմել Հայաստանի մէջ բնակող կիներ, որոնք.
✅ ունին ՀՀ քաղաքացիութիւն,
✅ 18 եւ բարձր տարիքի են,
✅ ունին առնուազն 1 տարի գործող սեփական առեւտուր,
✅փաստաթուղթերով կը հանդիսանան առեւտուրի օրինական սեփականատէր կամ համահիմնադիր (եթէ առեւտուրը արձանագրուած է)
✅ պատրաստ են շաբաթական երկու անգամ մասնակցելու եռամսեայ դասընթացքին,
✅պատրաստ են կատարելու առաջադրանքները սահմանուած ժամկէտերու մէջ, աշխատելու ծանրաբեռնուած աշխատանքային ժամանակացոյցով։
Ծրագրին մասին աւելին կարդացէ՛ք այստեղ` bit.ly/AGBUWE2021
Լրացուցէ՛ք դիմում-յայտը այստեղ` bit.ly/AGBUWEApply
Դիմելու վերջնաժամկէտ` 20 Սեպտեմբեր 2021: