image

Բագրատ սրբազան քաղաքական ուժերու հետ հանդիպում ունեցած է

Բագրատ սրբազան քաղաքական ուժերու հետ հանդիպում ունեցած է

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը փակ հանդիպում ունեցած է տարբեր քաղաքական ուժերու հետ։

«Առաջին հերթին ծանօթանալու եմ նրանց հետ, իրավիճակն եմ ներկայացնելու, երրորդն էլ՝ այս ամբողջ գործընթացի ներառականութեան մասին ենք խօսելու»,- հանդիպումէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է սրբազանը։

Ան չէ բացառած, որ հնարաւոր է`ՀՀ վարչապետի հնարաւոր թեկնածուի անուն քննարկուի։

«Ամէն ինչ հնարաւոր է։ Մենք պարզ, լայն քննարկման ենք հրաւիրել։ Շատերն ասում էին, որ պէտք չէ բոլորին հրաւիրել, բայց ոչ, բոլորին յարգում ենք։ Տէրն ինչպէս կամենայ, այդպէս էլ ամէն ինչ կը հասնի իր հանգրուանին»,- նշած է սրբազանը։

Հոգեւորականի խօսքով` այս պահուն մեր ժողովրդի գոյութեան հարցը դրուած է։

«Հիմա մենք պէտք է քննարկենք ոչ թէ հետեւանքները, այլ պատճառը, որը նստած է Հանրապետութեան հրապարակի իր աշխատասենեակում։ Մենք նպատակ ենք դրել վերացնել այդ պատճառը»,-ըսած է Բագրատ արքեպիսկոպոսը։

Ան ընդգծած է, որ իշխանութեան վերացման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ օրէնքի շրջածիրէն ներս: