image
Հրատապ լուրեր:

«Բացառուած է». Փեսքով արտայայտուած է Փութինը որպէս «պատերազմի յանցագործ» դատելու մասին

«Բացառուած է». Փեսքով  արտայայտուած է  Փութինը որպէս  «պատերազմի յանցագործ» դատելու մասին

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով բրիտանական Sky News հեռուստաալիքին տուած հարցազրույցին մէջ ըսած է, որ Վլատիմիր Փութինը պիտի չյայտնուի ռազմական յանցագործութիւններու դատարանը, եւ որ անոր որեւէ հաւանականութիւն չկայ:

«Ոչ, մենք անոր հաւանականութիւնը չենք տեսներ», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով հարցին, թէ «Ռուսաստանի ղեկավարը մտահոգուա՞ծ է, որ կրնայ յայտնուիլ ռազմական յանցագործութիւններու դատարանը»:

Նշենք, որ ԱՄՆ  նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիոյ մէջ Ռոսաստանի սկսած յատուկ ռազմական գործողութեան լոյսին տակ Փութինին մի քանի անգամ «ռազմական յանցագործ» անուանած է: