image

«Բաց դռներու օր» Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ

«Բաց դռներու օր» Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ

Ստորեւ կը հրատարակենք Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած լուրը՝ 

14 Յունուար 2026-ին, Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի Արեւելումի եւ գործի գրասենեակը հրաւիրեց ինը համալսարաններ` հանդիպելու BT3 աշակերտներուն հետ, զանոնք իրազեկելու համար բարձրագոյն կրթութեան վերաբերող հարցերու շուրջ։ «Բաց Դռներ»ու այս միջոցառումը կայացաւ Ֆարաճեան դահլիճին մէջ` Արուեստիցի վարիչ պարոն Սերժ Հաննայի ներկայութեամբ:


Դրական եւ հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ, մեր աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան համալսարաններու ներկայացուցիչներուն հետ ուղղակի շփուելու եւ հարցեր ուղղելու իրենց ապագայի կրթական ընտրանքներուն վերաբերեալ, ինչ որ կարեւոր է՝ ապագային յարմար մասնագիտութիւններ ընտրելու ժամանակ։


Կը ցանկանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել համատեղ կրթական առաքելութեան մեր գործընկերներուն, որոնք մասնակցեցան այս օգտակար միջոցառումին` ներկայացնելով իրենց համալսարանները եւ մեր ուսանողներուն հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու այն մասնագիտութիւններուն, զորս կրնան ընտրել` իւրաքանչիւրը ըստ իր նախասիրութիւններուն եւ ձգտումներուն: