Ազգային ժողովի խորհուրդը մերժած է կառավարութեան հրաժարականի ուղերձի հարցով աւելի վաղ արտահերթ նիստ գումարելու ընդդիմութեան միջնորդութիւնը։
Այդ մասին յունիս 10-ին խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը։
«Ընդդիմութիւնն ուղերձի նախագծով արտահերթ նիստի առաջարկ էր ներկայացրել, որն իրաւունքի ուժով պէտք է գումարուի յունիսի 17-ին։ Առաջարկ կար, որ դա տեղի ունենայ աւելի շուտ, խորհուրդը չընդունեց այդ առաջարկը եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը խորհրդի իր կազմով դէմ քուէարկեց նախագծին»,- յայտնած է ան։
Կոնջորեանի խօսքով՝ ՔՊ-ն կառավարութեան հրաժարականի «օրակարգ չունի»։