image

Ազգային բարերար Մայք Սարեան պարգեւատրուեցաւ

   Ազգային բարերար Մայք Սարեան պարգեւատրուեցաւ

Ամերիկահայ հանրայայտ գործիչ եւ բարերար Մայք Սարեան պարգեւատրուեցաւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արեւմտեան Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լիբանան ծնած մեր հայրենակից Մայք Սարեան, որ երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ինչպէս շատ-շատեր հասած է մեծ յաջողութիւններու։ 

 Սակայն ի տարբերութիւն շատերու ան չէ մեր մոռցած մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին ու տարբեր առիթներով ալ իր իշխանական ձեռքով նուիատւութիւններ կատարած է ու կը կատարէ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, առանց խտրութեան, առանց տարբերութիւններ դնելու ու մանաւանդ առանց ակնկալիքի։

Կը շնորհաւորենք Տիար Սարեանը եւ արեւաշատ օրեր կը մաղթենք իրեն, իր ազնուական տիկնոջ, անոր դստեր՝ Քրիսթինին ու նաեւ բոլոր սիրելիներուն ու հարազատներուն։

 

 

 Ստորեւ այդ առթիւ ներկայացուած լրատւութիւնը։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ խնդրանքով ու ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Սարեան ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրի Խաթուն Սարեան շրջափակին մէջ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշան յանձնուեցաւ Տիար Մայք Սարեանի: 

Արդարեւ, Տիար Մայք Սարեան, անցնող տարիներու ընթացքին բազմամակարդակ նիւթական զօրակցութիւն կատարած է Արեւմտեան Թեմի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ գաղութային եւ համահայկական տարատեսակ գործոց յաջողութեան համար: 

Հայ Եկեղեցին, Ազգային Առաջնորդարանը, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, Հայ Դատը, հայկական միութիւններ եւ կառոյցներ վայելած են Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Էվելինա Սարեանի ուշադրութիւնն ու աջակցութիւնը, որուն վերջին պսակումը կը հանդիսանայ Վեհափառ Կաթողիկոսին Արեւմտեան Թեմ Հովուապետական այցելութեան ընդառաջ հարիւր հազար ($100,000) տոլարի նուիրատուութիւնը: 

Յայտնենք, որ ընտանեկան ձեռնարկին խօսք առին Տեարք Կրէկ Մարթայեան, Ճօ Կանիմեան, Էվելինա Սարեան, հարազատներ ու բարեկամներ, մինչ Հայրապետական կոնդակը ընթերցեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը: