image

Այսօր Տեառնընդառաջ է

Այսօր Տեառնընդառաջ է

Տեառնընդառաջը (Տրնդէզ) Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անշարժ տօներէն է եւ կը նշուի Փետրուար 13-ին` Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնրն 40 օր յետոյ:

Ըստ եկեղեցական աւանդութեան, երբ Յիսուսը կը բերեն տաճար, անոր արեւելեան կողմի դռները, որոնք նախապէս չէին բացուած, ուժեղ դղրդիւնով կը բացուին, եւ մարդիկ իրենց ճրագներով դուրս կու գան տուներէն` տեսնելու թէ ինչու այսպիսի աղմուկ բարձրացած է:

Անոնք ակամայ իրենց ճրագներով կը լուսաւորեն Յիսուսի ճանապարհը դէպի տաճար: Այստեղէն ալ յառաջացած է «Տեառնընդառաջը», որ կը նշանակէ Տիրոջն ընդառաջ: Տօնին խորհուրդն ալ Տիրոջն ընդառաջ երթալն է:

Տեառնընդառաջի ծիսական արարողակարգը կը սկսի Փետրուար 13-ի երեկոյեան. եկեղեցական օրացոյցին համաձայն` երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը փոխուի օրը, եւ Փետրուար 14-ը կը սկսի Փետրուար 13-ի երեկոյէն:

Եկեղեցական կարգի համաձայն` տօնի նախօրէին` երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ, կը կատարուի նախատօնակ, որ կ'ազդարարէ տօնի սկիզբը: Կանոնի համաձայն` նախատօնակի արարողութեան աւարտին կը կատարուի Անդաստանի կարգ` աշխարհի չորս ծագերու, արտերու եւ այգիներու օրհնութիւն:

Անդաստանին կը յաջորդէ մոմերու օրհնութեան արարողութիւնը: Օրհնուած մոմի կրակով ալ կը վառեն Տեառնընդառաջի խարոյկը` որպէս Քրիստոսի լոյսի խորհրդանիշ: Այդ օրը սովորաբար եկեղեցիներու բակին մէջ մեծ խարոյկ կը վառեն: 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Տեառնընդառաջի պատարագէն յետոյ Հայոց եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ'ունենայ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ: Տէառնընդառաջի տօնին Հայաստանեայց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի սուրբ  պատարագ: