Օրերս Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ իր դռները պաշտամունքի համար վերաբացած է գիւղի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ ելեկտրական խանգարման հետեւանքով եկեղեցին հրդեհի բռնուած, որուն հետեւանքով ալ մեծ վնասներու ենթարկուած։
Ստորեւ ՝ թղթակցութիւնը։
Կիրակի, 31 Դեկտեմբեր 2023ին, հրդեհի աղէտէն եօթը ամիսներ ետք, տեղի ունեցաւ ամբողջովին վերանորոգուած Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Վերընծայման Պաշտամունքն ու Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումը:
Գոհունակ սրտերով Այնճար Հայաւանի բնակիչները անգամ մը եւս վայելեցին Աստուծոյ անսահման սէրը, հաւատարմութիւնն ու ապահովութիւնը մինչ ջերմ հաւատքի զգացումներով իրենց փառաբանութեան երգերն ու աղօթքները կը բարձրացնէին առ Աստուած: Շնորհակալութեամբ յիշուեցան բոլոր անոնք որոնք գործօն դեր ունեցան այս նորոգութեան աշխատանքին մէջ իրենց աղօթքներով, զանազան պէտքերու գոհացումով, եւ նուիրատութեամբ, ինչպէս՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարչանական Ընկերակցութիւնը, Հիլֆսպունտ Միսիոնարութիւնը եւ Հոլանտայի Մարանաթաքերք Եկեղեցին: Այս առիթով Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, իսկ Սուրբ Հաղորդութիւնը մատակարարեց Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ Վեր. Յակոբ Աքպաշարեան:
82-ամեայ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, Քրիստոսի սիրոյն վրայ հիմնուելով, կատարած է իր բազմակողմանի առաքելութիւնը մեծ նուիրումով, միշտ վստահելով Աստուծոյ բարի, հաճելի, եւ կատարեալ կամքին:


