Աւետիս Զարմէնեանը, շրջապատին կողմէ, որպէս «Աւօ» ճանչցուած Պէյրութահայ մեր հայրենակիցը զոհ գացած է ծանր արկածի։
«Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին համաձայն, Աւոն հերթականին պէս իր աշխատանքը կատարելու պահուն (ինքնաթիռ-«մօթոսիքլէթ»ով) զառնուած է ճանապարհին կանգ առած ինքնաշարժի մը եւ անկէ ետք ալ շուրջ 30 մեթր հեռու ինկած է։
Անցորդներ մեր հայրենակիցը փոխադրած են հիւանդանոց, սակայն պահ մը անց ան կորսնցուցած է իր կեանքը։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է այսօր Պուրճ Համուտ հայաշատ թաղամասի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած եւ ամփոփուած է Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատուն։
Տեսանիւթը ՝ «Թիք Թոք» հարթակէն։
Աւօ Զարմէնեանը ծանր արկածի զոհ @arevelk1 pic.twitter.com/A8b7XSdcrl
— arevelk.am (@arevelk1) August 21, 2023