Աւարտած են Մասեացոտն թեմի առաջնորդարանի 2-րդ յարկի կառուցման եւ Մասիսի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մոմավառութեան սրահի ընդլայնման աշխատանքները:
4 տարի առաջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արարատի մարզի մէջ հիմնադրուեցաւ Մասեացոտն թեմը: Մասիսի Սուրբ Թադէոս եկեղեցին ընտրուեցաւ որպէս առաջնորդանիստ: Գործառոյթներու ընդլայնմամբ պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւն առաջացաւ առաջնորդարանի մէկ յարկանի մասնաշէնքի տարածքն ընդլայնելու:
2024 թուականին Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները նախաձեռնեցին առաջնորդարանի երկրորդ յարկի կառուցման աշխատանքները: 2025 թուականի ապրիլին շինարարութիւնն արդէն ամբողջութեամբ աւարտած է:
Առաջնորդարանի երկյարկանի շէնքը կանգուն է, ներսը կատարուած են անհրաժեշտ կահաւորման աշխատանքներ, տեղադրուած է ջեռուցման եւ օդորակման համակարգ, արդիականացուած է եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնը, կառուցուած է ջրահեռացման նոր համակարգ:
Վարդանեաններու ֆինանսաւորմամբ, հիմնովին վերակառուցուած եւ ընդլայնուած է նաեւ եկեղեցւոյ մոմավառութեան սրահը, ուր տեղադրուած է 12 սրբապատկեր:
Նշուած աշխատանքներու իրականացման համար Վարդանեան եղբայրները տրամադրած են 161 մլն դրամ: