Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր թուիթըրեան էջի միջոցաւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակմանն ու Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման դադարեցման:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է.
«Մենք կոչ կ'ընենք միջազգային հանրութեան վերահաստատելու իր աջակցութիւնը առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն: Ատրպէյճանը պէտք է դադրեցնէ արգելափակումը Լաչինի միջանցքի, որ Լեռնային Ղարաբաղը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհն է»:
Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կ'անհանգստացնեն տեղեկութիւններն այն մասին, որ Ատրպէյճանը կրկին խաթարած է կազամատակարարումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Freedom House-ը կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանի Կառավարութեան՝ վերականգնելու կազի անխափան մատակարարումը տարածաշրջանի բնակիչներուն։
«Ի վերջոյ, մենք կը յորդորենք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի երկրները եւ 2020 թ. նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերը անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը՝ ներառեալ տեղաշարժի ազատութիւնը, ապահովելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: