image

Ատրպէյճանը պայման դրած է ԼՂ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման համար

Ատրպէյճանը պայման դրած է ԼՂ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման համար

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմը յայտարարութիւն տարածած է՝ յայտնելով ԼՂ-ի մէջ բնակող հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներու հետ Եվլախի մէջ հանդիպման պատրաստակամութեան մասին:

«Սակայն հակաահաբեկչական միջոցառումները դադրեցնելու համար հայկական անօրինական զինուած կազմաւորումները պէտք է սպիտակ դրօշ բարձրացնեն, յանձնեն բոլոր զէնքերը, իսկ անօրինական ռեժիմը պէտք է ինքնալուծարուի։ Հակառակ պարագային հակաահաբեկչական միջոցառումները պիտի շարունակուին մինչեւ վերջ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Սեպտեմբեր 19-ին աւելի վաղ ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտըրս Ֆոկ Ռասմուսընը յայտարարած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է Ատրպէյճանին ստիպէ անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան շեշտած է, որ եթէ Ատրպէյճանը ​​մերժէ այդ  կոչերը, պէտք է պատժամիջոցներ կիրառել անոր նկատմամբ։ «Աշխարհը չի կրնար լռել, երբ տեղի կ'ունենան էթնիք զտումներ»,- X-ի իր գրառման մէջ նշած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը։