image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը մտադիր է դէպի բռնագրաւուած Ստեփանակերտ երկաթուղի կառուցել

Ատրպէյճանը մտադիր է դէպի բռնագրաւուած Ստեփանակերտ երկաթուղի  կառուցել

2024 թուականին «Ատրպէյճանական երկաթուղիներ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը (ՓԲԸ) բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ պիտի սկսի Ակնա-Ստեփանակերտ նոր երկաթուղային գիծի կառուցումը, ըսած փակ բաժնետիրական ընկերութեան շինարարական նախագիծերու բաժնի ղեկավար Թուրալ Ապպասլին։

Անոր խօսքով՝ այս ճանապարհի նախագծումը սկսած է, արդէն կատարուած է տարածքի նախնական զննութիւն, նախատեսուած է ճանապարհի նախնական երթուղի։

«Այս նախագիծի նպատակն է Խանքենտին (Ստեփանակերտ) եւ Շուշան (Շուշի) միացնել երկրի երկաթուղային ցանցին, թոյլ տալ արդիւնաւէտ ուղեւորափոխադրումներ եւ բեռնափոխադրումներ այդ ուղղութեամբ, որ կը նպաստէ երկարամեայ բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներու լիարժէք վերականգնման»,- ընդգծած է Ապպասլին։