image

Ատրպէյճանը Մարտակերտի մէջ խախտած է հրադադարը, կորուստներ չկան

Ատրպէյճանը Մարտակերտի մէջ խախտած է հրադադարը, կորուստներ չկան

16 օգոստոսին, ժամը 22:10-ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժը Մարտակերտի շրջանին մէջ խախտած է հրադադարը: Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի պաշտպանական գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ հակառակորդը կիրառած է հրաձգային զէնք։ Հայկական կողմէն կորուստներ չկան։

Տեղի ունեցածի մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Նշենք, որ 16 օգոստոսին, Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի մէջ հրադադարի խախտում արձանագրուած է։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը փաստի առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ։