image

Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն Նախիջեւանի մէջ զօրավարժութիւններ սկսած է

Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն Նախիջեւանի մէջ զօրավարժութիւններ սկսած է

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է Նախիջեւանի մէջ զինուած ուժերու զօրավարժութիւններու մեկնարկի մասին։

Նշուած է, որ առանձին համազօրային բանակին մէջ կատարուած են 2024 թուականի ուսումնական տարուան առաջին երկկողմ հրամանատարաշտապային զօրավարժութիւնները համազօրային միաւորումներու համար:

Հաղորդուած է նաեւ, որ զօրավարժութիւններուն մասնակցող ստորաբաժանումները կը խաղարկեն մարտական գործողութիւններու շարք մը սենարներ՝ ներառեալ պայմանական հակառակորդի ամրացուած դիրքերու եւ ճակատային գիծի մօտ գտնուող հրամանատարական կէտի գրաւումը։