image

Ատրպէյճանի ուժեր դարձեալ դիմած են սադրանքի. Արցախի Պաշտպանական բանակ

Ատրպէյճանի ուժեր դարձեալ դիմած են  սադրանքի. Արցախի Պաշտպանական բանակ

Մարտ 26-ին, ժամը 11:00-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրկին դիմած են յարձակման գործողութիւններու` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ փորձելով յառաջխաղացում ապահովել Արցախի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանագօտիին ուղղութեամբ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:

Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը դիմեն համարժէք գործողութիւններու` հակառակորդին յառաջխաղացումը կասեցնելու նպատակով:

Կը ձեռնարկուին քայլեր` Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը:

Իրադրութեան զարգացումներուն վերաբերեալ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը պարբերաբար հանդէս պիտի գայ հաղորդագրութիւններով: