image

Ատրպէյճանի մէջ հանդիպած են Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը

Ատրպէյճանի մէջ հանդիպած են Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը

Յունուար 18-ին Ատրպէյճանի մէջ հանդիպած են Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ, հանդիպման ընդգծուած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարեկամական, եղբայրական յարաբերութիւններն ու ռազմավարական դաշնակցութիւնը յաջողութեամբ կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական եւ միւս բոլոր ոլորտներուն մէջ, վստահութիւն յայտնուած է, որ կապերը հետագային եւս պիտի ամրապնդուին:

Զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է երկկողմ յարաբերութիւններու հեռանկարներու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։