Ատրպէյճանի կողմէ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան բուժման նպատակով տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանը, 29 յուլիսին Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուելէ ետք, ընտանիքի անդամներէն ոչ մէկու հետ առ այսօր կապ հաստատած է:
Այս մասին«Արցախփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին տեղեկացուցած է Վագիֆ Խաչատրեանի դուստրը՝ Ծովինար Խաչատրեանը:
«Ամէն օր մի քանի անգամ գնում ենք Կարմիր խաչի Ստեփանակերտի գրասենեակ, իսկ քոյրս՝ Երեւանի՝ որեւէ տեղեկութիւն իմանալու համար: Մեզ ասում են, որ ոչ մի տեղեկութիւն չունեն: Յայտնում են, որ բանակցում են հօրս տեսակցելու համար, բայց առայժմ անարդիւնք»,- մանրամասնած է Ծ. Խաչատրեանը:
Անոր խօսքով՝ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչը միայն 29 յուլիսի կէսգիշերին զանգած եւ տեղեկացուցած է, որ Վագիֆ Խաչատրեանը կը գտնուի Պաքու՝ հիւանդանոցին մէջ, ուր անոր արհեստական շնչառութեան սարք միացուած է:
Դստեր խօսքով՝ հայրը առողջական խնդիրներ ունի, ուստի ան անգամ մը եւս կը յորդորած է միջազգային կառոյցները արձագանգելու իրենց խնդրանքներուն եւ հօրը օր առաջ վերադարձնելու հայրենիք՝ կեանքը փրկելու համար: