ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնը: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոն։ Այս մասին յայտնած է Պապիկեան իր դիմատետրեան էջին:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի կառավարութեան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը խստօրէն դատապարտելու, ճշգրիտ եւ հասցէական գնահատականներ տալու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն աջակցելու համար:
Տիկին Տիւմոն վերահաստատած է ֆրանսական կողմի դիրքորոշումը, ըստ որու`ատրպէյկանական զինուած ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, իսկ առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ պաշտպանական ոլորտի մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան, մասնաւորապէս` 27 սեպտեմբերին Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացմանն առնչուող հարցեր: