image

Ատրպէյճանէն Նախիջեւան փոխադրային միջանցքը կրնայ անցնիլ ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ ՀՀ տարածքով․ Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

Ատրպէյճանէն Նախիջեւան փոխադրային միջանցքը կրնայ անցնիլ ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ ՀՀ տարածքով․ Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

Ատրպէյճանի արեւելեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւան փոխադրային միջանցքը կրնայ անցնիլ ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Հայաստանի տարածքով։

«Ազատութեան» հաղորդմամբ, այս մասին Kanal7-ի հետ զրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցի եւ ենթակառոյցի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն՝ նշելով՝ առաջին պարագային խօսքը 61 քմ երթուղիի մասին է, երկրորդ պարագային՝ մօտ 43 քիլոմեթրի։

Անկախ երթուղիի վերջնական որոշումէն, ըստ թուրք նախարարի, փոխադրային եւ լոճիսթիք հաղորդակցութիւններ այնուամենայնիւ պիտի ստեղծուին։

«Այսպէս թէ այնպէս, մենք այս նախագիծը կ՚իրականացնենք Ատրպէյճանի հետ միասին։ Որոշակի խնդիրներ կան, բայց ատոնք կրնան լուծուիլ յառաջիկային։ Ժամանակի հարց է», -ըսած է Ուրալօղլուն։

Թուրք նախարարի խօսքով՝ որեւէ երկիր պէտք չէ դէմ ըլլայ իր տարածքը Փեքինը Լոնտոնին կապող միջազգային փոխադրային զարկերակի վերածելուն։ «Պարզապէս անխոհեմ է նման գաղափարին ընդդիմանալը»,- ընդգծած է Ուրալօղլուն՝ շեշտելով՝ թէեւ Անգարան ուղղակիօրէն չի մասնակցիր Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման բանակցութիւններուն, սակայն մշտական կապի եւ համակարգման մէջ է Պաքուի հետ։

Անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման հարցով Իրանի բացասական դիրքորոշման՝ Ուրալօղլուն կարծիք յայտնած է, թէ «Իրանի կողմէ այս հարցի մերժման պատճառը բացառապէս իրանեան տարածքով միջանցք ստեղծելու Թեհրանի ցանկութեան մասին է»։