image

Ատրպէյճանեան ուժեր պէտք է ետ դառնան ելման դիրքեր. Ֆրանսայէն կոչ

Ատրպէյճանեան ուժեր  պէտք է ետ դառնան ելման  դիրքեր. Ֆրանսայէն կոչ

Ֆրանսան ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերու շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինուած միջադէպերուն կապակցութեամբ եւ Ատրպէյճանի յառաջ գացած զօրքերուն կոչ կ'ընէ վերադառնալու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի կրակի դադրեցման մասին յայտարարութեան մէջ ամրագրուած ելման դիրքեր: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն նաեւ մտահոգութեամբ յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կազամատակարարման խափանման կապակցութեամբ եւ կոչ ըրած է անյապաղ վերականգնելու կազմատակարարումը:

«Եւրոպայի հարցերով եւ արտաքին գործոց նախարարը բարձրացուցած է այդ հարցը իր հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ վերջին հանդիպումներլուն ժամանակ եւ կոչ ըրած է հնարաւորինս շուտ վերականգնելու մատակարարումները, մինչդեռ եղանակային պայմանները կը մնան դժուար այնտեղ ապրող մարդոց համար», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ֆրանսան մշտական կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ` աջակցելու երկխօսութեան ու տարբեր քննարկուող հարցերու շուրջ յառաջընթացին, կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ: