25 Յունիսին, ատրպէյճանական մարտական դիրքէն կրակ բացուած է Մարտունիի շրջանին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիի մը ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդագրութեան միջոցաւ յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը:
Ըստ աղորդագրութեան՝ Միւրիշէն գիւղի 22ամեայ բնակիչ Միքայէլ Մեժլումեան դաշտավայրին մէջ քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կը կատարէր: Տուժածներ չկան:
Կրակոցներուն պատճառով կասեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Դէպքին մանրամասնութիւնները փոխանցուած են ռուս խաղաղապահ զօրակազմին:
Պաշտպանութեան բանակը իր կարգին յայտնած է, որ 25 Յունիսին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Մարտունիի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն ուղղութեամբ խախտած են զինադադարը՝ կիրարկելով հրաձիգներ: