Ատրպէյճանցի պատգամաւոր Ակիլ Ապասը կը սպառնայ Մաքրոնին եւ կը պարծենայ հայաթափ Արցախի «նորոգուած եկեղեցիներով»։ «Բոցավառ ելոյթը» հնչած է «Միլի մեջճիս»ի 1 փետրուարի նիստին։
«Ֆրանսային պէտք է ուրան, անոր միակ յոյսն այժմ Ղազախստանն է։ Ղազախստանէն Ֆրանսա կայ երկու ճանապարհ։ Քանի որ ուրանը կարելի չէ տեղափոխել օդանաւներով, այն անհրաժեշտ է տեղափոխել նաւերով։ Ատոր համար պէտք է ըլլայ ճանապարհ կամ Ռուսիաով, կամ Ատրպէյճանով։ Ռուսիան թոյլ չի տար, կը մնայ Ատրպէյճանը։ Ի՞նչ պիտի ընէ Ֆրանսան, եթէ մենք պատժամիջոցներ մտցնենք»,-ըսած է «ոգեւորուած» խորհրդարանականը։
Ետքը, աւելի ոգեշնչուելով՝ Ապաս յայտարարած է. «Շատ կ՚ուզէի, որ Մաքրոնը հրաւիրեն Ատրպէյճան։ Թող ան գայ ու տեսնէ, թէ ինչպէս այստեղ կ՚ապրին հայերը։ Մենք չենք քանդեր եկեղեցիները եւ սինակոկները։ Թող Մաքրոնը գայ ու տեսնէ, թէ ինչպէս կը նորոգուին եկեղեցիները Շուշիի մէջ։ Բայց, ազնիւ խօսք, եթէ ես նման հնարաւորութիւն ունենայի, չէի նորոգեր ատոնք»։
Նշենք, որ ատրպէյճանցի պատգամաւորի պարծանքով իբր եկեղեցիներու «նորոգման» մասին խօսքերը իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող եկեղեցիներու պղծման արարքներ են՝ հայկական խաչերու անկում, հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացում։