Դեկտեմբեր 10-ին Արցախցի ընդդիմադիր գործիչ Տիգրան Պետրոսեան «Այսօր «էկոլոգները» յայտնուել են Կաշենի հանքի առաջ» վերնագրով տեսանիւթ տեղադրած է իր դիմատետրեան էջին:
«ՍիվիլՆեթ»ը զրուցած է Կաշենի հանքավայրին մօտ գնտուող Ճանկաթաղ գիւղի բնակիչ Սամուէլ Մովսիսեանի հետ: Ան ըսած է, որ ատրպէյճանցի «բնապահպաններուն» Ճանկաթաղի, Վարդաձորի եւ Ծաղկաշէնի բնակիչները թոյլ չեն տուած մտնել հանքի տարածք: «Առանձնապէս երկար զրոյց տեղի չի ունեցել, եւ բնապահպանական ստուգումներ իրականացնելու պատրուակով եկած ատրպէյճանցիները շուտ հեռացած են»-ըսած է ան:
Նոյն օրը, աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ անդրադառնալով ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներու ծրագրուած այցին Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրեր:
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հիմք ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան նախապէս ուղղուած՝ Մարտակերտի շրջանի հանքավայրերուն մէջ դիտարկում իրականացնելու գրութիւնը՝ ատրպէյճանական կողմը ծրագրած է իրականացնել այցելութիւն Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրեր։
«Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը, համաձայն իրենց վերադաս մարմինների հրահանգի, թոյլատրել է մէկանգամեայ տեսողական այց վերը նշուած հանքավայրեր։ Հաշուի առնելով, որ առաջարկուած ծրագիրը, սահմանուած կարգով, համաձայնեցուած չի եղել Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ հանքավայրերը շահագործող կազմակերպութեան հետ՝ տեղում հանքարդիւնաբերական կազմակերպութեան աշխատակիցները եւ յարակից համայնքների բնակիչները ինքնաբուխ կերպով արգելափակել են վերը նշուած խմբի մուտքը հանքավայրերի տարածք։
Ստեղծուած իրավիճակը յանգուցալուծելու նպատակով հաւաքների վայրեր են մեկնել Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնների ներկայացուցիչներ, որոնց տարած բանակցութիւնների արդիւնքում որոշում է ընդունուել դադարեցնել հանքավայրերում նախատեսուած շրջայցը եւ այդ հարցին անդրադառնալ լրացուցիչ քննարկումներից յետոյ։
Կոչ ենք անում Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներին ձեռնպահ մնալ չստուգուած լուրերի տարածումից եւ հետեւել բացառապէս պաշտօնական տեղեկատւութեանը։
Հաւաստիացնում ենք, որ իշխանութիւնները ձեռնարկում են բոլոր քայլերը՝ աւելորդ լարուածութիւնից խուսափելու համար, եւ բոլոր հարցերը, Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն, կարգաւորելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: