image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղի ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը  հաստատեց Թաղավարդի գիւղապետ Օլեկ Յարութիւնեանը:

Անոր խօսքով, կրակահերթի հետեւանքով հրդեհուած է Արցախի բնակիչներէն մէկուն ինքնաշարժը: Այս պահին կրակը մարած է, իրավիճակը հանգիստ է, տուժածներ չկան:

Յիշեցնենք, որ Յունուար 8–ին ալ ատրպէյճանական զինուժը կրակոցներ արձակած է Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա համայնքին կից սահմաններու ուղղութեամբ։