Շուշիի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու հետեւանքով Ատրպէյճանը հայկական կողմին փոխանցած է եւս մէկ աճիւն։
Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն յետոյ։
13 Նոյեմբեր 2020-էն առ այսօր, որոնողական աշխատանքներու եւ դիերու փոխանակման միջոցով հաստատուած է ընդհանուր 1686 աճիւն, որոնց շարքին նաեւ քաղաքայիններ։