Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպէն յետոյ Ատրպէյճանի պետական մարմինները եւ լրատուամիջոցները տարածած են տեղեկութիւն տարբեր միջադէպերու մասին, իբր որոնց հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են ատրպէյճանցի մի քանի զինուորներ: Ատրպէյճանը հերթական անգամ, հին աւանդոյթի համաձայն, կը թաքցնէ մարտական կորուստները եւ զանոնք կը ներկայացնէ որպէս դժբախտ դէպքեր:
Յունիս 19-ի տեղեկատուութեան համաձայն` Քիւրտամիրի կեդրոնական շրջանային հիւանդանոցին մէջ ատրպէյճանցի երկու զինուոր` սպայ Եուսիֆ Մահիր օղլի Մամետլին (ծն.1988) եւ Ֆարիտ Սամիր օղլի Նասիպովը (ծն. 1999) զոհուած են արկածի հետեւանքով:
Տեղեկացուած է, որ Հաթեմ Հայտեմիրովիչ Պայտաշովը (ծն. 1994) ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է:
Ծառայողական պարտականութիւնները կատարելով զոհուած է Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քափիթան Եոլչուզատէ Նիզամի Ուահիտ օղլուն: Զինուորները մարտական դիրք տեղափոխող ինքնաշարժը ինկած է ձորը:
ANAMA ականազերծման գործակալութեան աշխատակից Ալի Շուքուրովը (ծն. 1992) պայթած է ականի վրայ Ճեպրայիլի շրջանին մէջ: Շուքուրովը պայթումին հետեւանքով բազմաթիւ վիրաւորումներ ստացած էր: