image

Ատրպէյճան կրակ բացած է Բերդաշէնի ուղղութեամբ

Ատրպէյճան կրակ բացած է Բերդաշէնի ուղղութեամբ

28 փետրուարին ժամը 16:55-ի սահմաններուն, Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն գիւղի 53-ամեայ Ա. Աւանեսեան, Բերդաշէն գիւղի վարչական տարածքի «Ասֆալտեն տակ» կոչուող տեղամասին մէջ «Ճոնտըր» մակնիշի քարշիչով (տրակտոր) գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ, հակառակորդի մարտական դիրքերէն հրաձգային տարբեր տրամաչափի զէնքերով կրակահերթեր արձակուած են քարշիչի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Այդ մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է նաեւ 1 մարտին: 

1 մարտին ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Բերդաշէն համայնքի 59-ամեայ Ս. Վարդանեան, «Տաւալա» կոչուող տեղամասի մէջ, իր կողմէ շահագործուող «Պելառուս» մակնիշի քարշիչով գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնելու ժամանակ, յարակից ատրպէճանական մարտական դիրքերէն հրաձգային զինատեսակներէն կրակահերթ արձակուած է քարշիչի ուղղութեամբ, որ պատճառ հանդիսացած է գիւղատնտեսական աշխատանքներու դադրեցման:

Ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժնին մէջ նիւթեր նախապատրաստուած են եւ ներկայացուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին։