Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի նկատմամբ: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի ռազմական դատախազութեան յատուկ հետաքննութիւններու բաժնի ղեկավար Էմիլ Թաղիեւը:
Վերջինս յայտնած է, որ «1988-ի Փետրուարէն նշեալ անձերը ազգային թշնամանքի, ատրպէյճանական ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ ատելութեան հրահրման նպատակով Ղարաբաղի մէջ գումարել եւ կայացուցած են ազգութեամբ հայ աշխատակիցներու ժողովներ կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներում մէջ»:
Աւելի վաղ Ատրպէյճանը յայտարարած էր Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ձերբակալելու մտադրութեան մասին: