Եթէ Ատրպէյճանը փորձէ փակել Լաչինի միջանցքը կամ փորձէ խոչնդոտել ինքնաշարժներու մուտք ու ելքը Արցախ, սա պիտի ունենայ շատ բարդ հետեւանքներ, նաեւ աշխարհաքաղաքական, որովհետեւ սա, փաստօրէն պիտի ըլլայ յարձակում նաեւ Արցախի վրայ, պիտի ըլլայ հարուած եւ յարձակում նաեւ ռուս խաղաղապահներու վրայ: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցին նշեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան:
«Դա պէտք է չէզոքացուի, որովհետեւ շատ բարդ հետեւանքներ է ունենալու: Ես չեմ կարծում, որ բոլոր կողմերը, միջազգային հանրութիւնը անտարբեր նայելու են այդ ամէնին»,-ըսաւ ան:
Անդրադառնալով վերջին օրերուն հրադադարի խախտումներուն, Բաբայեանը նկատել տուաւ, որ հրադադարի խախտումները պարբերական բնոյթ կը կրեն. «Երբեմն ալիքաձեւ է զարգանում, դա պարզապէս իրենց հայատեացութեան քաղաքականութեան հետեւանք է»: