Ատրպէյճան անջատած է Արցախի ամբողջ տարածքի կազամատակարարումը։ Այս մասին Twitter–ի իր էջին գրած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան։
Նշենք, որ Հայաստան–Արցախ կազատարը կ'անցնի Պաքուի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքով։
«Դրան զուգահեռ Արցախի ժողովուրդն արդէն 32 ժամ գտնւում է ամբողջական շրջափակման մէջ։ Եթէ դա յանցագործութիւն չէ, ապա ի՞նչ է»,– գրած է Ստեփանեան։
Կազամատակարարման դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Արցախի տեղեկատուական շտաբը։
«Եղանակային նման պայմաններում երկնագոյն վառելիքի մատակարարման դադարեցումը հումանիտար ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որը հետեւողականօրէն իրականացնում է Ատրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակիչների դէմ։ Իրավիճակի մասին պարբերաբար տեղեկութիւն կը տրամադրուի հանրութեանը»,– նշած է տեղեկատուական շտաբը։