Մեծի Տանն Կիլիկիոյ լրատուական հարթակ հանդիսացող «Կիլիկիա» առցանց կայանէն վերահասու կը դառնանք՝
Ղազախիստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ գումարուած միջ-կրօնական միջազգային գագաթնաժողովին առընթեր, հանդիպում մը կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի, քաղաքակրթութեան ու կրօններու յարաբերութեանց կեդրոնի նախագահ դոկտոր Մուհամմատ Մըհտի Իմանիփուրի միջեւ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ կրօններու, քաղաքակրթութիւններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան ու գործակցութեան կարեւորութիւնը վերաշեշտելու՝ տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրանի հայ համայնքին եւ անոր կարեւոր նպաստին Իրանի զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքններուն գծով: Բնականաբար նաեւ խօսուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի, կրօնի ու քաղաքակրթութեան կեդրոնին միջեւ վերջին երեսուն տարիներուն տեղի ունեցող կրօնական երկխօսութիւնը շարունակելու կարելիութիւններուն մասին: Յայտնենք, որ դոկտոր Իմանիփուր տարիներ առաջ նոյն նպատակով այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք՝ խորհրդակցելու Վեհափառ Հայրապետին հետ: