image
Հրատապ լուրեր:

Ասկերանի նոր ճանապարհը կը կառուցուի ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ

Ասկերանի նոր ճանապարհը կը կառուցուի ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորները անցած են Լեռնային Ղարաբաղի Խրամորթ գիւղէն մինչեւ Ասկերան քաղաք երկարող նոր ճանապարհի կառուցման շինարարական աշխատանքներուն ժամանակ անվտանգութեան ապահովմանը:

«Ներկա պահուն միջոցառումներ կ'իրականացուին Խրամորթ գիւղի մէջ խճաքարի արդիւնահանման աշխատանքներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Աշխատանքները կ'իրականացուին սահմանազատման գիծի երկայնքով, ինչով ալ պայմանաւորուած անհրաժեշտ է խաղաղապահներու ներկայութիւնը», ըսած է զօրակազմի ներկայացուցիչ Տանիլ Նիքիթինը: