image

Ասկերանի մէջ հրադադարի խախտման չորս դէպք

Ասկերանի մէջ  հրադադարի խախտման  չորս դէպք

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբն Ասկերանի շրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքեր արձանագրած է։ Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուական տեղեկագրին մէջ։

«Ասկրանի շրջանին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտման չորս դէպք արձանագրուած է։ Տուժածներ չկան։ Փաստի առթիւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնն ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կը կատարէ», - ըսուած է տեղեկագրին մէջ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Մարտունիի, Մարտակերտի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիով։ Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով ապահովուած է մարդասիրական բեռերով բարձուած երկու մեքենաներու շարասիւնի անցումը։