image
Հրատապ լուրեր:

Ասկերանի դէպքերուն վերաբերեալ Ռուսաստանէն արձագանգ

Ասկերանի  դէպքերուն վերաբերեալ  Ռուսաստանէն արձագանգ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճանը ետ քաշած է իր զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղի Փառուխ գիւղէն:

Բացի այդ, ԹԱՍՍ–ը յայտնած է, որ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Ասկերանի հատուածին մէջ արձանագրել են ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հրադադարի խախտման երկու դէպք: Փոխհրաձգութեան հետեւանքով իւրաքանչիւր կողմէ վիրաւորուած է 2 մարդ. «Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու կողմէ Ասկերանի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի 2 խախտում, փոխհրաձգութեան հետեւանքով իւրաքանչիւր կողմէ վիրաւորուած է երկու հոգի»,- կ'ըսուի տեղեկագրին մէջ:

Ինչպէս նշած են ռազմական գերատեսչութեան մէջ, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը, համագործակցելով հակամարտող կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ, կայունացած է իրավիճակը: