image

Աշխարհի մէջ. «Քովիտ»էն մահացողներու թիւը կը նուազի

Աշխարհի մէջ. «Քովիտ»էն  մահացողներու թիւը կը նուազի

Աշխարհի մէջ COVID-19 «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութիւնը շաբթուայ ընթացքին նուազած Է 9 տոկոսով, մահացութիւնը՝ 15 տոկոսով: Այդ մասին ըսուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ամենշաբաթեայ համաճարակաբանական գրքոյկին մէջ:

Օգոստոս 15-էն մինչեւ 21 ինկած ժամանակահատուածին «Քորոնա» ժահրով հիւանդացութիւնն ինկած է բոլոր վեց տարածաշրջաններուն մէջ, ամէնէն շատ այն նուազած Է Ափրիկէի մէջ (25 տոկոսով), Եւրոպայի մէջ (20 տոկոսով) եւ Ամերիկայի մէջ (18 տոկոսով):

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն նաեւ նշած են, որ քանի մը երկրներ փոխած են COVID-19-ի հետազօտութեան իրենց ռազմավարութիւնը, որու հետեւանքով այժմ ներկայացուած են աւելի քիչ քանակով քննութիւններ եւ, համապատասխանաբար, գրանցուած են հիւանդացութեան աւելի քիչ քանակութեամբ դէպքեր:

Մէկ շաբթուայ ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնաբերուած Է COVID-19-ով ախտահարման աւելի քան 5,3 միլիոն նոր դէպք: «Քորոնա» ժահրէն մահացութեան քանակը նուազած Է բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ, բացի Ափրիկէէն ու Խաղաղ ովկիանոսի արեւմտեան ափէն, ուր այն աւելցած Է 183 տոկոսով եւ 8 տոկոսով՝ համապատասխանաբար:

Միւս տարածաշրջաններուն մէջ գրանցած են մահացութեան անկում, ամէնէն շատ՝ Եւրոպայի մէջ (30 տոկոսով):

Ընդհանուր առմամբ մէկ շաբթուան ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ գրանցուած Է COVID-19-ի պատճառով մահուան 14 հազար դէպք:

Համավարակի ողջ ժանմանակաշրջանին ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնաբերուած Է «քորոնա» ժահրով վարակման աւելի քան 598 միլիոն դէպք եւ հիւանդութեան հետեւանքներէն աւելի քան 6,4 միլիոն մահ, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: