image

Ասատ Չինաստան այցելեց. Չին-սուրիական յարաբերութիւնները դէպի խորացո՞ւմ

Ասատ Չինաստան այցելեց. Չին-սուրիական յարաբերութիւնները դէպի խորացո՞ւմ

Օրերս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ առաջին տիկնոջ հետ այցելած է Չինաստան: Այցելութեան ընթացքին նախագահը ունեցած է բարձր մակարդակի հանդիպումներ, որոնց հիմնական նպատակն է ամրապնդել երկկողմ յարաբերութիւնները։ Այդ ծիրէն ներս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինբին  ստորագրած են սուրիական չինական ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր: 

Չինաստանի Խանճօ քաղաքին մէջ ընդունելով Ասատը Սի Ծինբին ըսած է, որ Չինաստան եւ Սուրիա պիտի յայտարարեն ռազմավարական գործընկերութեան հաստատումը եւ աւելցուցած, որ այդ կարեւոր շրջադարձ պիտի ըլլայ երկկողմանի յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ միջազգային անկայուն իրավիճակին ընդառաջ:

 Չին նախագահը նաեւ նշած է, որ Սուրիան առաջին երկիրներէն է, որ յարաբերութիւններ հաստատած է նոր Չինաստանին հետ՝ աւելցնելով, որ Սուրիան այն երկիրներէն մէկն էր, որ առաջարկած էր ՄԱԿ-ի մէջ Չինաստանի աթոռը վերականգնելու բանաձեւի նախագիծ։

Չինաստանի նախագահն ընդգծած է, որ սուրիական-չինական յարաբերութիւնները 67 տարիէ ի վեր կը դիմակայեն միջազգային փոփոխութիւնները, եւ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը ժամանակի ընթացքին ամուր մնացած է։

Չինաստանի նախագահը նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստակամ է շարունակելու համատեղ ջանքերը ամրացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ եւ համագործակցութիւնը եւ ամրապնդելու միջազգային արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Իր հերթին նախագահ Ասատ յայտարարած է, որ իր երկիրը անհամբեր կը սպասէ Չինաստանի կառուցողական դերին միջազգային դաշտին մէջ եւ կը մերժէ բոլոր փորձերը, որոնք կ'ուզեն նսեմացնել այդ դերը։

Նախագահ Ասատ ուրախութիւն յայտնած է այցելելու Չինաստան, որ կանգնած է ժողովուրդներու արդար դատի կողքին՝ ելլելով իրաւական, մարդասիրական եւ բարոյական սկզբունքներէն, որոնք միջազգային հարթակներու վրայ հիմքը կը հանդիսանան Չինաստանի քաղաքականութեան։ 

 Իր կարգին Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մաօ Նինկ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է. «Մենք կը կարծենք, որ նախագահ Պաշշար Ասատի այցը պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ քաղաքական վստահութեան խորացումին, տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան, նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի տանի դէպի նոր հորիզոններ»։

Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահը ժամանած է Չինաստանի Խանճօ օդակայանը հինգշաբթի, 21 սեպտեմբերին, իր չինացի գործընկերով հրաւէրով: Նշուած է, որ այս իր առաջին պաշտօնական այցն է Չինաստան մօտաւորապէս երկու տասնամեակներու ընթացքին:

Նշենք նաեւ, որ 2021-ին, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի պաշտօնական այցով ժամանած էր Դամասկոս ամրապնդելու համագործակցութիւնը Չինաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ: Եւ այդ առաջին այցն էր չինացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը դէպի Սուրիա, արիւնալի  պատերազմի շղթայազերծումէն ասդին։

 

Լուրը՝ «Ալ Մայատին»էն