image
Հրատապ լուրեր:

Ասատ բարձրացուց իր նշաձողը

Ասատ բարձրացուց իր նշաձողը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումին, ապա ատիկա կապ ունի հասնելուն փուլի մը, ուր Թուրքիան պատրաստ կ՛ըլլայ յստակօրէն եւ աներկբայ դուրս գալու սուրիական բոլոր հողերէն, ահաբեկչութեան աջակցութիւնը դադրեցնելու եւ կացութիւնը վերադարձնելու Սուրիոյ մէջ պատերազմէն առաջ գոյութիւն ունեցած իրավիճակին: Այս միակ պարագային է, որ իմ եւ Էրտողանի միջեւ կրնայ հանդիպում տեղի ունենալ: Առանց ատոր այդ հանդիպումի արժէքը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ զայն կատարենք, եթէ Սուրիոյ մէջ պատերազմին համար վերջնական արդիւնքներ պիտի չձեռքբերէ»:

«Վստահութիւն ունինք ռուսական կողմին վրայ, որ հաղորդակցութիւնները դիւրացնելու միջնորդի դեր կը կատարէ, սակայն ռուսական քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներուն ծիրին մէջ, որոնք են` միջազգային օրէնքի յարգումը, պետութիւններու գերիշխանութեան յարգումը, ահաբեկչութեան մերժումը, սուրիական հողերու ամբողջականութիւնը, իր հողերուն վրայ սուրիական պետութեան գերիշխանութիւնը, եւ ոչ օրինական օտար ուժերու սուրիական հողերէն հեռացումը», նշեց Ասատ:

«Որեւէ բան, որ կրնայ պատերազմի ընթացքը փոխել դէպի այս պատերազմին աւարտը` սուրիական բոլոր իրաւունքներուն վերականգնումով, բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացումով եւ սուրիական պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումով, մենք պէտք է աշխատինք զայն փորձելու ուղղութեամբ… եւ Ռուսիան ասոր վրայ կ՛աշխատի` Սուրիոյ հետ գործակցութեամբ», ըսաւ Ասատ:

Սուրիոյ նախագահը հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ նշեց. «Կը կարծեմ` Համաշխարհային Գ. պատերազմը ընթացքի մէջ է, սակայն ձեւը տարբեր է… նախապէս համաշխարհային պատերազմները աւանդական պատերազմներ էին, շարք մը երկիրներու բանակներ կը գործեն շարք մը այլ պետութիւններու դէմ: Հիմա այդ կացութիւնը կայ, սակայն արդիական զէնքերու, մասնաւորաբար հիւլէական զէնքին պատճառով, ապա աւանդական պատերազմը կանխարգիլող ուժ կայ: Այդ պատճառով ալ պատերազմները դէպի անուղղակի պատերազմ կ՛ուղղուին: Զելենսքին այսօր Արեւմուտքին փոխարէն պատերազմ կը մղէ, անշուշտ նացիներէ կազմուած իր բանակով: Ահաբեկիչները նոյն բանը կ՛ընեն. անոնք Սուրիոյ մէջ եւ այլուր Արեւմուտքին փոխարէն կը գործեն»:

Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու թիւը աւելցնելու կարելիութեան վերաբերող հարցումի մը` ան ըսաւ. «Ռազմակայաններուն դիտարկումը պէտք չէ առնչուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը հիմա կայ, սակայն ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, եւ որեւէ պետութեան մէջ ռուսական զինուորական ներկայութիւնը կարելի չէ ժամանակաւոր բանի մը վրայ հիմնել: Մենք միջազգային հաւասարակշռութեան մասին կը խօսինք: Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը աշխարհի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան առնչուած կարեւորութիւն ունի»:

«Կը կարծենք, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ներկայութեան ընդլայնումը լաւ բան մըն է, որ կը ծառայէ այդ գաղափարին… եւ եթէ թերեւս այլ շրջաններու այլ պետութիւններու մէջ այդ ընդլայնումը նոյն միտք բանիին պիտի ծառայէ, ապա այո՛, կ՛ըսենք, որ ատիկա ապագային կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ», յայտնեց Ասատ:

 

Ասատ Եւ Փութին Անդրադարձած Են Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններուն

Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պաշշար Ասատ չորեքշաբթի օր Քրեմլինի մէջ քննարկած են երկու երկիրներու զինուորական համագործակցութեան հարցերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ինչ կը վերաբերի մեր համագործակցութեան այնպիսի զգայուն ոլորտներու մէջ, ինչպիսին ռազմական-արհեստագիտականն է, ապա` այո՛, անոնք ալ քննարկուած են, սակայն արդիւնքներու մասին, հասկնալի պատճառներով, հրապարակաւ չի հաղորդուիր», ըսած է Փեսքով:

Անոր համաձայն, Փութինի եւ Ասատի զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն:

Փութինի բանբերը աւելցուցած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն հաւանական է ռուս-սուրիական տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած «շատ կարեւոր համաձայնագիրի մը կնքումը»:

Փեսքովի համաձայն, Փութինի եւ Ասատի չորեքշաբթի օրուան բանակցութիւնները տեւած են երեք ժամ եւ երեկոյեան աւարտած են:

Թրքական աղբիւրներ երէկ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեցին. «Այսօր Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով նախատեսուած քառակողմ ժողովը յետաձգուած է»:

Ըստ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, քառակողմ ժողովը յետաձգուած է «թեքնիք պատճառներով: Հանդիպումի նոր թուականը առայժմ յայտնի չէ»:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն