Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մասնակիօրէն բաւարարած է Փրոպացիայի (փորձարկման շրջան) ծառայութեան միջնորդութիւնը Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանը ազատազրկելու վերաբերեալ։
«Դատապարտեալ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ դատարանը 2022 թուականի մարտի 28–ի դատավճռով նշանակուած պատիժը ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմին) ղեկավար պաշտօն զբաղեցնելու իրաւունքից 5 տարի ժամկէտով զրկելը փոխարինեց 1 տարի 8 ամիս 3 օր ժամկէտով ազատազրկման։ ՏԻՄ ղեկավար պաշտօն զբաղեցնելու իրաւունքից զրկելու 3 օրը հաշուարկելով ազատազրկման մէկ օրի դիմաց»,– ըսած է Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Վարսենիկ Մելքոնեան։
Արդարադատութեան նախարարութեան Պրոբացիայի ծառայութիւնն աւելի վաղ միջնորդութիւն ներկայացուցած էր դատարան՝ Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ նշանակուած պատիժը՝ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն մէջ ղեկավար պաշտօն գրաւելու իրաւունքէն զրկելը, ազատազրկմամբ փոխարինելու, ինչպէս նաեւ ազատազրկման ձեւով պատիժը պայմանականօրէն չկիրառելու վերաբերեալ որոշումը վերացնելու եւ պատիժը կրելու ուղարկելու վերաբերեալ:
Քրէական գործը, որու ծիրէն ներս մեղաւոր ընդունուած է Առուշանեանը, կը վերաբերի «պաշտօնէական դիրքը չարաշահելուն, ինքնիրաւչութեան, ինչպէս նաեւ դիտաւորութեամբ այլ մարդու առողջութեան վնաս պատճառելուն»։
Յիշեցնենք, որ ԱՆ Պրոբացիայի ծառայութիւնը դիմած էր Գորիս համայնքի աւագանիին՝ տեղեկացնելով, որ համայնքի ղեկավարը պէտք է պաշտօնանկ ըլլայ։ Աւագանիի նիստի մասնակից 14 անդամները միաձայն արձանագրած են, որ գրութեան պահանջը աւագանիի գործառոյթներէն դուրս է, առկայ է այդ գործընթացը աւագանիի կողմէ կազմակերպելու անհնարինութեան վիճակ։