Ռուսաստանի Դաշնութեան Նիժեկորոտի մարզի Ձերժինսք քաղաքի Սվերտլովի անուան գործարանին մէջ արտակարգ դէպք պատահած է:
Հրապարակուած նկարներուն մէջ կ'երեւի, որ ոստիկանները շղթայած են դէպքին վայրը: Այնտեղ ժամանած են նաեւ հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցները: Գործարանին վերեւը ծուխի սիւն կ'երեւի:
Ռուսաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տուեալներով՝ գործարանին մէջ հրշէջ ծառայութեան ազդանշան գործարկուած է, այնուհետեւ քանի մը պայթումներ տեղի ունեցած են: Երկու մարդ տուժած է: