Մարտ 5-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
Ըստ shamshyan.com-ին՝ ժամը 10։25-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին ահազանգ եկած է, որ Հասրաթեան 17 հասցէն գտնուող հացատանը դիակ մը կայ։
Ոստիկաններն ու պարեկները պարզած են, որ հացատան մէջ յանկարծամահ եղած է Երեւանի բնակիչ՝ 64-ամեայ Զօհրապ Հ-ն։
Դատաբժշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ դիակին վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։
Տեղւոյն վրայ հետաքննական աշխատանքներ եղած են եւ ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնի հետաքննական բաժանմունքի կողմէ փաստի առթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին։