image

Արմէն-Քլոտ Մութաֆեան պիտի դասախօսէ Քալիֆորնիոյ մէջ

Արմէն-Քլոտ Մութաֆեան պիտի դասախօսէ Քալիֆորնիոյ մէջ

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ, համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ ֆրանսահայ դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան պիտի խօսի մինչեւ 1516 Երուսաղէմի մէջ ապրած հայութեան վիճակին եւ դերակատարութեան մասին։

Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։ Մուտքը ազատ է։

Դոկտ. Մութաֆեան հեղինակն է «Հայերն Ու Երուսաղէմը» հատորին։

Փարիզի արուարձաններուն մէջ ծնած դոկտ. Մութաֆեան, որուն ծնողները Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներ էին, մասնագիտացած է ուսողութեան ճիւղին մէջ եւ մօտաւորապէս 40 տարիներ ուսողութիւն դասաւանդած է Ֆրանսայի եւ աշխարհի տարածքին գտնուող զանազան համալսարաններու մէջ։ Սակայն, ան միշտ յատուկ սէր ունեցած է պատմութեան նկատմամբ եւ անկէ մղուած՝ ուսումնասիրած ու հրատարակած է Հայաստանի նուիրուած շարք մը հատորներ, կազմակերպած է ցուցահանդէսներ՝ «Սորպոն» համալսարանին, Վատիկանի եւ զանազան այլ վայրերու մէջ: Ան մասնագիտացած է յատկապէս միջնադարեան պատմութեան մէջ եւ 60 տարեկանին ստացած է պատմութեան ճիւղին մէջ իր դոկտորան՝ իբրեւ աւարտաճառ ունենալով «Հայկական Կիլիկիան»:

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://cah.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: