Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպումներ կ'ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։
ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնի հետ Գրիգորեան քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւններուն օրակարգը, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի ժողովրդավարացման գործընթացները, ուժանիւթային ոլորտի զարգացումները, ինչպէս նաեւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը։
Գրիգորեան ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանի ապաշրջափակման վերաբերեալ։ Շարք մը հարցերու մէջ քննարկուած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները։
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը հանդիպած է նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալի պաշտօնակատար Տերիք Հոկանի հետ։ Քննարկուած են տարածաշրջանային զարգացումները, երկարաժամկէտ խաղաղությեան հաստատման հեռանկարները եւ Հայաստանի տարածաշրջանային դերակատարութիւնը։